Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քանատան կ՛ողջունէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ անցեալ շաբթուան համաձայնութիւնները:
«Խաղաղութեան համաձայնութիւնը նախաստորագրելով եւ երկուքը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալով, այս երկիրները կարեւոր քայլեր առած են դէպի այս շրջանի ժողովուրդներուն համար արդար եւ տեւական խաղաղութիւն:
«Քանատա կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ղեկավարութիւնը եւ Ուաշինկթընի մէջ համաձայնութեան գոյացման համար արձանագրուած ձեռքբերումները:
«Այս բնոյթի համաձայնութիւնները, որոնք գոյացած են դիւանագիտական բանակցութիւններու ճամբով, յստակ ուղի կը տրամադրեն դէպի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութիւն, որ պիտի օգնէ լուծելու մնացեալ հարցերը, ներառեալ բոլոր հայ կալանաւորուածներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը, հայ քաղաքայիններու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը:
«Քանատա ի գիտութիւն կ՛ընդունի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու որոշումը, եւ յանձնառու կը մնայ զօրակցելու որեւէ ապագայ մեքանիզմի, որ պիտի ապահովէ բռնի ուժ չկիրարկելու եւ տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը:
«Քանատա կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցուած քաղաքական լուծման ձեռքբերման»: