Ուաշինկթըն Հայ Գերիներու Գոյութիւնը Եւ Արցախի Ցեղային Զտումը Հաստատեց

Ուաշինկթըն հրապարակեց Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու մասին 2024ի զեկոյցը, որուն լոյսին տակ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ կոչ ըրաւ Սպիտակ տան՝ անյապաղ քայլերու դիմելու՝ Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու խախտումները դադրեցնելու համար, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ որդեգրելու Պաքուի դէմ եւ ապահովելու հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։

Ամերիկեան զեկոյցին մէջ կը խօսուի «կամայական կամ անօրէն սպանութիւններու, խոշտանգումներու եւ բանտարկութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու քաղաքացիներու հետապնդումներու մասին» եւ կը շեշտուի, թէ Պաքու լուրջ քայլեր չէ առած՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու մարդկային իրաւունքները խախտած պաշտօնատարները։

Զեկոյցին մէջ կը նշուի ՄԱԿի 5 Յունիս 2024ի զեկոյցը, որուն մէջ կը յիշատակուին ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ ռազմագերիներու դէմ միջազգային եւ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի 27 Սեպտեմբերի 2024ի այն զեկոյցը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուած էր 2020ին, Զանգելանի մէջ գերի ինկած 23 հայ զինուորներու եւ  քաղաքացիի մը անհետացման առնչութեամբ։

Զեկոյցը կը վկայէ նաեւ Freedom House-ի 11 Նոյեմբերի 2024ի ուսումնասիրութիւնը, ըստ որուն, Ատրպէյճան 2020էն 2023ին իրականացուցած է համակարգուած ռազմավարութիւն՝ Արցախը բոլորովին հայաթափելու։

133 էջերէ բաղկացած այս զեկոյցը կ՛եզրակացնէ, որ Ատրպէյճան Արցախը ենթարկած է ցեղային զտումի՝ տեղահանումը գործածելով իբրեւ միջոց: Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ, ըստ կարգ մը հրապարակումներու, 24 Հոկտեմբերի 2024ի դրութեամբ՝ Արցախին մէջ մնացած են ընդամէնը 15 հայ բնակիչներ, իսկ Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրած է, թէ Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին եւ Ղազանչեցոց գերեզմանատունը ոչնչացուած են:

Յատկանշական է, որ զեկոյցին հրապարակումը կատարուեցաւ Ամերիկա-Ատրպէյճան-Հայաստան հռչակագիրին ստորագրութենէն միայն  քանի մը օրեր ետք։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ այս  զեկոյցը ոչ մէկ կասկած կը ձգէ, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ պահել եւ խոշտանգել հայ գերիները, ոչնչացնել հայկական ժառանգութիւնը եւ համակարգուած կերպով վերացնել Արցախի հայկական հետքերը: Ան կոչ ուղղեց վարչակազմին՝ արգիլելու Պաքուի զէնքի վաճառքները եւ պատժամիջոցներ կիրարկելու այդ ոճրագործութիւնները կազմակերպողներուն դէմ: